Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց 2-րդ միջազգային ռելին` մասնակցութեամբ 21 ինքնաշարժներու, որոնց վարորդները կը ներկայացնէին 18 երկիրներ:
Տիտղոսին տիրացաւ սպանացի Մարիա Փինօ, երկրորդ հանդիսացաւ ամերիկացի Քրիսթինա Իսթրատա, իսկ երրորդ` քանատացի Ռոքսան Թութա:
Ռելիին սկզբնաւորման ազդանշանին վայրը հանդիսացաւ «Զէյթունա պէյ»-ի շրջանը, որ եղաւ նաեւ ժամանման վայրը:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ