Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 15 ապրիլին, տեղի ունեցաւ, Պէյրութ-ՀՄԸՄ առաջին ճակատումը, առաջինին դաշտին` Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Առաջին մրցումը սկսաւ Պէյրութի դաշտէն` նկատի ունենալով, որ անիկա գրաւած էր դասաւորման երկրորդ դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ` երրորդ դիրքը:
Պէյրութ մրցումը սկսաւ բաւական զօրաւոր ձեւով` ունենալով 9-0 արդիւնքով առաւելութիւն մը առաջին երկու վայրկեանին, որուն ի տես ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես պահանջեց թայմ-աութ:
Ասկէ ետք կացութիւնը որոշ չափով մը շտկուեցաւ եւ ՀՄԸՄ բաւական մօտեցաւ հիւրընկալ կազմին:
Առաջին քորթըրը աւարտեցաւ ի նպաստ հիւրընկալ կազմին` եօթը կէտի տարբերութեամբ, 26-19 արդիւնքով:
Նշենք, որ առաջին քորթըրին, Ուոլթըր Հոճ ՀՄԸՄ-ի հետ նշանակեց տարեշրջանի իր 100-րդ ֆրի-թրոն:
Առաջին քորթըրը բաւական մը դանդաղ ձեւով սկսելէ եւ անոր ընթացքին բաւական ետ մնալէ ետք, ՀՄԸՄ հետզհետէ վերագտաւ ինքզինք եւ հանդերձարան ուղղուեցաւ ունենալով հինգ կէտի առաւելութիւն մը` 47-42 արդիւնքով:
Այստեղ պէտք է նշել, որ մրցումին տեւողութեան ընթացքին, Պէյրութ առիթով մը կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց նոյնիսկ մինչեւ 12 կէտի:
Խումբերը հանդերձարանէն վերադառնալով իրենց ամէն կարելին ըրին մրցումին ղեկը պահելու իրենց ձեռքերուն մէջ, բնականաբար նշանակելով յաւելեալ կէտեր եւ առաջին մրցումը փորձելով աւարտել ի նպաստ իրենց:
Եթէ Պէյրութ տիրապետեց առաջին քորթըրին, անդին երեք քորթըրներուն տիրապետողը եղաւ Լիբանանի գործող ախոյեանը` ՀՄԸՄ, հետեւեալ ձեւով. 26-19, 16-28, 19-23 եւ 19-28:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ բացառիկ ներկայացում մը ունենալով իր մրցակիցին վրայ եւ իր դանդաղ մեկնարկը վերածելով գերտպաւորիչ մրցումի մը, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 18 կէտի առաւելութեամբ` 98-80 արդիւնքով:
Այստեղ ուշագրաւ եղաւ այն, որ երբ Ճօ Մուժահես տեսաւ, որ Նորվել Փել-Ուոլթըր Հոճ զոյգը արդիւնք չի տար, որոշեց մրցումը շարունակել Մայք Էֆիպրայով եւ Հոճով, ինչ որ նոյնիսկ ակնկալուածէն աւելի ալ տուաւ` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ միշտ ալ անհասանելի մնաց Պէյրութի համար:
Նշենք, որ առաջին քորթըրին կէսէն ետք, մինչեւ երրորդ քորթըրը սկսիլը, Ալի Հայտար նստեցաւ Պէյրութի պահեստի աթոռներուն վրայ (երեք ֆաուլ կատարած ըլլալուն համար), ինչ որ բնականաբար ազդեց Պէյրութի ներկայացման վրայ:
Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի աստղը հանդիսացաւ Էֆիպրա, որ նշանակեց 30 կէտ, ներառեալ` չորս թրի-փոյնթ. Հոճ նշանակեց 19 կէտ, Քարիմ Զէյնուն` 14 (ներառեալ` երեք թրի-փոյնթ), Փաթրիք Պու Ապպուտ` 12, իսկ Ժերար Հատիտեան`11:
Իսկ Պէյրութէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Քրոֆորտ` 20, ապա Ալի Հայտար`18:
Յիշատակելի եղաւ նաեւ այն, որ ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 44 ռիպաունտ (փոխան` 31-ի), եւ ասիկա` կազմի մը դէմ, որ բոլոր խումբերուն մէջ ունի լաւագոյն ռիպաունտը:
Բնականաբար օտար դաշտի վրայ յաղթանակ արձանագրելը կը նկատուի շատ կարեւոր` երկրորդ մրցումին աւելի հանդարտ մրցում մը կատարել կարենալու իմաստով, որուն ճիշդ հակառակը պիտի կատարէ այս պարագային 1-0 արդիւնքով ուշացած Պէյրութ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 17 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: