Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, Մըզար մոթոր փարք վազքուղիին վրայ (Քֆարզեպիան) տեղի ունեցաւ Լիբանանի «սփիտ-թեսթ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 55 ինքնաշարժներու, որոնք մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու այս մրցումին:
Արհեստավարժ մասնակցողներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ռոժէ Ֆըղալի («Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»), որ արձանագրեց 1′ 37″ 27 արդիւնք մը:
«Սուփըր-Սերիզ»-ի մրցումին առաջին հանդիսացաւ Զաւիէ Մասաատ:
«Ար. Սի.-3»-ի մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ալեքս Ֆըղալի, իսկ աղջկանց «Սուփըր-Սերիզ»-ի մէջ առաջին հանդիսացաւ Էմիլի Ֆըղալի:
Ոչ արհեստավարժ վարորդներու մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Շետի Պու Ասսի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: