31 Յուլիսին` «ԿԱԿ» Համախմբումին Մամլոյ Ասուլիսը
Ապրին – Պաթրուն շրջանի ԿԱԿ համախմբումը չորեքշաբթի, 31 յուլիսին, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ իր կազմակերպելիք ամառնային խաղերուն մասին, որոնք տեղի կ՛ունենան 22-րդ տարին ըլլալով:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ համախմբումին պատուոյ նախագահին` Ժորժ Շահինի բնակարանին մէջ:
Տեղի պիտի ունենան մրցումներ տարբեր մարզաձեւերու մէջ, որոնց կարգին` փինկ փոնկ, հեծելարշաւ, թիավարութիւն, վազքի մրցում, աթլեթիզմ եւ այլն:
Մամլոյ այս ասուլիսին տեղի պիտի ունենան նաեւ պարգեւատրումներ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական