Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Փոկպայով կը շարունակէ իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել Եուվենթուս:
Իտալական մամուլին համաձայն, իտալացիները պատրաստ են 26 տարեկան ֆրանսացին իրենց կազմին միացնելու համար հակառակ կողմին տալ յետսապահ Ժոաօ Քանսելը եւ միջնապահներ Փլեզ Մաթուիթին եւ Տուկլաս Քոսթան:
Նախապէս կը յայտարարուէր, թէ Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոկպային համար կը պահանջէ` 200 միլիոն եւրօ, որպէսզի որեւէ ակումբ չփորձէ ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը: