Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Եու. Էս. Օփըն»-ի կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ այս տարի մրցաշարքին մրցանակային գումարը զգալիօրէն պիտի աւելնայ:
2019 տարեշրջանի այս չորրորդ կրան շլեմի մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակային գումարը պիտի կազմէ 57 միլիոն ամերիկեան տոլար: Տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները պիտի ստանան 3,85 միլիոն ամերիկեան տոլար (իւրաքանչիւրը), ինչ որ 50 հազար ամերիկեան տոլարով աւելի է նախորդ տարուան գումարէն:
Այն մարզիկները, որոնք կը պարտուին Ա. հանգրուանին, պիտի ստանան 58 հազարական ամերիկեան տոլար:
Զոյգի խաղերուն տիտղոսակիրները պիտի ստանան 740 հազար ամերիկեան տոլար, մինչ Ա. հանգրուանի արգելքը չյաղթահարած զոյգերուն համար նախատեսուած է 17 հազար ամերիկեան տոլար:
Այսպիսով, «Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցանակային գումարները պիտի ըլլան ամէնէն բարձրը ո՛չ միայն մրցաշարքի պատմութեան մէջ, այլ նաեւ կրան շլեմի միւս երեք մրցաշարքերուն հետ համեմատած:
«Եու.Էս. Օփըն»-ը տեղի պիտի ունենայ 26 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր: