Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, ուրբաթ, 19 յուլիսէն շաբաթ, 27 յուլիս, տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պիչ-վոլիպոլի տղոց եւ աղջկանց տարիքային ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 107 երկսեռ զոյգերու (77 տղոց եւ 30 աղջկանց խումբեր):
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Պի. Վի. Էս.»-ի դաշտերուն վրայ (Պաթրուն), մինչ աւարտական հանգրուանի մրցումները` «Նեժի Պիչ»-ի դաշտերուն վրայ (Պահսաս):
Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ֆետերասիոնը յայտնեց, որ պիտի կիրարկուին այն բոլոր օրէնքները, որոնք կը գործադրուին միջազգային պիչ-վոլիպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Ֆետերասիոնը յոյս յայտնեց, որ բոլոր մասնակցողները կը գործադրեն որդեգրուած օրէնքները:



