Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ համաձայն գտնուեցաւ, որ 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն կիները ներկայ գտնուին մարզադաշտին թրիպիւններուն վրայ:
Այս լուրը հաղորդեց ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ այս մասին Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Տաջի տեղեակ պահած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյին` իր ուղղած պաշտօնական նամակին ընդմէջէն:
Սակայն որոշումը ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ է Իրանի կառավարութեան հաւանութիւնը:
Իրանի մէջ կիներուն եւ աղջիկներուն արգիլուած է մարզադաշտ այցելել 1981-էն ի վեր` 1979-ի իսլամական յեղափոխութեան պատճառով:



