Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկիզբ առին Լիբանանի Ա. դասակարգի տղոց եւ աղջկանց ակումբներու ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 12 խումբերու:
Տեղի ունեցան աւելի քան երեսուն մրցումներ:
Տղոց ախոյեանութեան մասնակցող ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լիուա Սայտայի դէմ, ինչպէս նաեւ այլ յաղթանակ մը` Ռիատի Պէյրութի դէմ (3-0), ապա կրեց պարտութիւն մը` Ժընուպ Թուլէն (3-0):
Աղջկանց պարագային, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իրեն մրցակից ունի Անդրանիկ Պէյրութը եւ Ահլի Խիամը: