Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է այս ամառ ծախելու իր 27 տարեկան միջնապահ Իսքոն, եթէ անոր համար կարենայ գանձել 80 միլիոն եւրօ:
Եթէ պատահի, որ սպանացին հեռանայ, շատ հաւանական է, որ արքայական խումբ վերադառնայ քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ, որ վերջին երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուած էր Պայէրն Միւնիխին:
Ռէալ Մատրիտի հետ Իսքոյի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին:



