«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի բաժակակիր, անգլիական Լիվըրփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ երրորդ անգամ ըլլալով գերմանացի մարզական լրագրողներու միութեան կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Գերմանիոյ լաւագոյն մարզիչ:
Ան նախապէս այս մրցանակին տիրացած էր 2011-ին եւ 2012-ին:
Նախապէս երեք անգամ այս մրցանակին տիրացած է նաեւ Ֆելիքս Մակաթ, որ եղած է Համպուրկի, Շթութկարթի, Պայէրն Միւնիխի, Վոլֆսպուրկի եւ Շալքէի մարզիչ: