Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին, վերջինիս թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք) նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ անոր թենիսի տարեկան մրցաշարքը:
Աւարտական մրցումներուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին անդամները` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի:
Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Ռոյ Թապեթ, որ աւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճիովանի Սմահայի դէմ, որ այս մրցաշարքին թիւ 1 դասուած մարզիկն էր: Թապեթ դասուած էր 7-րդ:
Իսկ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Նենսի Քարաքի, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աննա-Մարիա Հայեքի դէմ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 208 երկսեռ մարզիկներ: