Եւրոպայի Գ. դասակարգի տղոց 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, դարձեալ պարտութիւն մը կրեց, այս անգամ` Ալպանիայէն, 77-57 արդիւնքով (23-15, 26-6, 17-9 եւ 19-19):
Անտորայի մէջ տեղի ունեցող զտումի այս մրցումներուն Հայաստան իր առաջին պարտութիւնը կրած էր Մալթայէն, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 82-81 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը իր երրորդ մրցումը կը կատարէ Ճիպրալթարի դէմ, որմէ ետք խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն ծիրին մէջ կը մրցի Սան Մարինոյի դէմ: