Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն Ահտ եւ Նըժմէ:
Անոնց երկուքին ալ մրցակիցները բաւական զօրաւոր են:
Ահտի մրցակիցը եղաւ Իթթիհատ Սէուտի (Սէուտական Արաբիա), որ ասիական եւ արաբական բաւական մեծ փորձառութիւն ունեցող խումբ մըն է:
Իսկ Նըժմէի մրցակիցը եղաւ թունուզեան Թարժի խումբը, որ նախորդ տարի Ափրիկէի ախոյեանն էր:
Մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկային: