Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած տղոց 14 տարեկանէն վար 2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ` տարբեր դաշտերու վրայ, որոնց կարգին` Թաատոտ, Ամալ Պիքֆայա եւ Քահրապա:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որ մրցում մը ունէր կատարելիք Քահրապայի դաշտին վրայ, 20-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը` Հապպուշ, դաշտ չներկայացաւ:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի կազմը Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ: