Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Եւրօ-2020-ի զտումի մրցումներուն 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ Իտալիա – Հայաստան (Ժ. խմբակ) մրցումը տեղի պիտի ունենայ Փալերմոյի մէջ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 18 նոյեմբերին, պիտի խաղցուի Ռենցօ Պարպերա մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 36.365 հանդիսատես: