Անի ֆութպոլի ակումբը հիմնելու եւ ակումբին նախագահը ըլլալուն պատճառով, Խորէն Յովհաննիսեան լքեց Փիւնիկ Երեւանի պատուոյ նախագահի պաշտօնը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փիւնիկ ֆութպոլի ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Յովհաննիսեանին` անոր ցուցաբերած բարձր մակարդակի արհեստավարժութեան եւ ակումբին նկատմամբ իր ունեցած օժանդակութիւններուն համար, անոր մաղթելով յաջողութիւն իր նոր ակումբին հետ: