Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի պիչ ֆութպոլի 2019 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, երբ «Արենա Վենթուս» մարզահամալիրին մէջ (Ամշիթ) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ համակիրներու:

Շապապ Ժընահ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք 6-4 արդիւնքով յաղթելով Ֆ. Ք. Պէյրութին:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մոհամետ Սլէյման (3 կոլ), Հիւսէյն Զէյուն (2 կոլ) եւ Մուսթաֆա Զէյն, իսկ պարտեալ խումբին կոլերը` Հիւսէյն Շեհապ, Իպրահիմ Տիապ, Մոհամետ Մաթար եւ Մահմուտ Մաթար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Յաղթական խումբին ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ պիչ ֆութպոլի յանձնախումբին նախագահ Վահրամ Պարսումեան:


