«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ լոնտոնեան երկու կազմերու` Արսենալի եւ Չելսիի նախկին յետսապահ Էշլի Քոլ նախորդ շաբաթավերջին եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 107 անգամ:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան երեք անգամ դարձած է Անգլիոյ բաժակակիր, մէկ անգամ` Անգլիոյ ախոյեան, իսկ մէկ անգամ ալ` Անգլիոյ գերբաժակակիր: