Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Արաբական համալսարանի Պեքաայի շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կիրակի, 25 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային միօրեայ մրցաշարք մը, վերոնշեալ ակումբին մէջ, Թաանայելի շրջան:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ մրցաշարքը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին եւ պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի, ինչպէս նաեւ աւելի վեր տարիքի բաց մրցումներ:
Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 2500 ամերիկեան տոլար: Վերոնշեալ առաջին չորս դասակարգերուն համար 200-ական ամերիկեան տոլար, իսկ բաց մրցաշարքին (14 տարեկան եւ վեր)` 1700 ամերիկեան տոլար:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկի, ներառեալ` կէսօրուան ճաշը:
Արձանագրութեան համար պէտք է կապ հաստատել` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն.
03-955700 (Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի) եւ 03-696971 (մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար Ժամալ Շամիէ):


