Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ երէկ ներկայացուց պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփէ Քութինիոն:
27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մէկ տարուան համար փոխ տրուեցաւ Պարսելոնայէն, իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 10 մարզաշապիկը:
Վերջին տասը տարիներուն այս թիւը կը կրէր հոլանտացի յառաջապահ Արժեն Ռոպեն, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտէն ետք հեռացաւ միւնիխեան ակումբէն:
Յունուար 2018-ին փոխան 145 միլիոն եւրոյի Քումինիօ միացաւ Պարսելոնային` քաթալոնական ակումբին հետ մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Այս փոխանցումէն ետք Քութինիօ ըսաւ. «Նոր մարտահրաւէր` նոր երկրի մէջ եւ Եւրոպայի լաւագոյն ակումբներէն մէկուն հետ»:



