Հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Քնաթ ակումբին, տեղի ունեցաւ Ժոզեֆ Շահինի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի 18-րդ տարիքային մրցաշարքը վերոնշեալ ակումբին մէջ (Պշարրէ)` մասնակցութեամբ աւելի քան եօթանասուն երկսեռ մարզիկներու:
Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգի մրցումներ, բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ` ներկայութեամբ մարզիկներուն ծնողներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Էմիլ Ժապպուրի:



