Նախորդ շաբաթավերջին Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկիզբ առաւ ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքը:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, իր կատարած առաջին ճակատումին, հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ, երկրորդին եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց, այս անգամ` սեւ քարերով, հոլանտացի Անիշ Կիրիի հետ:
Այս երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ 53-րդ շարժումին` շուրջ 5 ժամ տեւած պայքարէ մը ետք:
2-րդ հանգրուանէն ետք, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ 2 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Արոնեան երրորդ հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ:
Նշենք, որ նախորդ տարուան տիտղոսակիրն էր Արոնեան: