
Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Չաւի գլխաւոր մարզիչ դառնալէն ետք տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին:
Անոր գլխաւորած խումբը` Սատ, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տուխայլիի, դարձաւ Քաթարի ֆութպոլի գերբաժակակիր:
Չաւի իր կազմին հետ ցարդ կատարած է երկու մրցում:
Քաթարի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 21 օգոստոսին: