2019-ի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ մարզիչի ընտրութիւններուն քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունուար 2020-ին, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ:
Այս առնչութեամբ ֆետերասիոնը յառաջիկային յաւելեալ յայտարարութիւններ պիտի հրապարակէ իր կայքին միջոցով:
2018-ի լաւագոյն ֆութպոլիստն էր Մարքոս Փիցելլի, իսկ լաւագոյն մարզիչը` Անտրէյ Թալալայեւ (նախապէս` Փիւնիկ):