27 դեկտեմբերին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարելիք համագումարին վերջնական որոշում կրնայ տալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւններուն վերջնական ճակատագիրը, մանաւանդ որ անոնք սկսած եւ ապա ընդմիջուած են երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն պատճառով:
Լիբանանեան մարզական մամուլին համաձայն, Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի մէկ հանգրուանով միայն (եւ ոչ թէ երթուդարձ), եւ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւողը պիտի հանդիսանայ ախոյեան:
Իսկ 11-րդ (նախավերջին) եւ 12-րդ (վերջին) դիրքերը գրաւողները փլէյ օֆի մրցումներ պիտի կատարեն յաջորդաբար Բ. դասակարգի երկրորդ եւ առաջին դիրքերը գրաւողներուն դէմ:
Յաղթականները պիտի մնան եւ կամ պիտի բարձրանան Ա. դասակարգ:
Նոյնը պիտի ըլլայ պարագան Բ. դասակարգին. անիկա պիտի կատարուի մէկ հանգրուանով:
Վերջին երկու դիրքերը գրաւողները փլէյ օֆի մրցումներ պիտի կատարեն Գ. դասակարգի առաջին երկու դիրքերը գրաւողներուն դէմ` Բ. դասակարգի տոմս ապահովելու գծով: