«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 11 ճակատումներուն ընթացքին, Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան), շարունակելով իրենց տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, արձանագրեցին իրենց 22-րդ յաղթանակը: Անոնք կրած են միայն երեքական պարտութիւն:
Պաքս յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին (127-112), մինչ Լէյքըրզ յաղթական վերադարձաւ Օրլանտոյէն, ուր 96-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մեճիքի դէմ:
Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս Մեճիքի դէմ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ ցարդ արձանագրած է միայն 5 յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր 21-րդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Նիւ Եորք Նիքսէն, երկարաձգումէն ետք, 124-122 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 32 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տրէյմընտ Կրիֆին թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Քլիվլենտի մէջ Քաւալիրզ 116-110 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Հիուսթըն Ռոքեթցէն: Այս վերջինէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 55 կէտ:
Պրուքլինի մէջ, Նեթց 113-108 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Շարլոթ Հոռնեթցէն: Յաղթական կազմէն Տեվոնթէ Կրեհեմ նշանակեց 40 կէտ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք չորս մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն).
Պոսթըն Սելթիքս (17-6) – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (18-7)
Սան Անթոնիօ Սփըրզ (9-14) – Քլիվլենտ Քաւալիրզ (5-19)
Տիթրոյիթ Փիսթընզ (10-14) – Տալաս Մավըրիքս (16-7)
Տենվըր Նակեթց (14-8) – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ (10-15)