Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականները ընդգրկուեցան Եւրոպայի 2020-ի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոյն` Բ. խմբակին մէջ:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իրլանտայի Լիմերիք քաղաքին մէջ, 28 յունիսէն 4 յուլիս 2020:
Հայաստան Ազրպէյճանի դէմ մրցելէ բացի իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Անտորրան եւ Իրլանտան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի 18 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականին, որ դարձեալ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Կիպրոսը, Վրաստանը եւ Մալթան (Եւրոպայի Գ. դասակարգ):
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 յուլիսէն 2 օգտոստոս, Անտորրայի մէջ:
Վերջապէս, 16 տարեկանէն վար հաւաքականը (Գ. դասակարգ, Բ. խմբակ), պիտի մրցի Ալպանիոյ, Քոսովոյի, Սան Մարինոյի, Ճիպրալթարի եւ Մալթայի դէմ, 11-19 յուլիսին, Քոսովոյի մէջ: