Երէկ Ֆինլանտայի Թուրքու քաղաքին մէջ աւարտեցաւ «ՖԱՖ»-ի անդամներէն մէկուն` Երուանդ Իսմայիլեանի դատավարութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ «ՖԱՖ»-ի անդամներէն Կարէն Մարկոսեան:
Նշուեցաւ, որ Իսմայիլեան, որ անպարտ հռչակուեցաւ, քանի մը օր ետք կը վերադառնայ Հայաստան:
Ան ձերբակալուած էր նախորդ 15 հոկտեմբերին` Ֆինլանտա – Հայաստան մրցումին (Եւրօ-2020-ի զտումի մրցաշարք):