Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին, 22-էն 30 դեկտեմբեր վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան), տեղի կ՛ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան 41-րդ մրցաշարքը:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է քսան հազար լիբանանեան ոսկի:
Առաջին երեք դիրքերը գրաւողները յաջորդաբար պիտի ստանան 500, 300 եւ 200 հազար լիբանանեան ոսկիի պարգեւ:
Արձանագրութիւններուն համար պէտք է կապ հաստատել Հիւսէյն Համմուտի (03-771795) եւ Էլի Հուլիշեանի (03-705210) հետ:



