Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 2019-2020 տարեշրջանի ընդհատուած ախոյեանութիւնը փոփոխութիւններով շարունակելու եւ անիկա միայն մէկ հանգրուանով ամբողջացնելու առաջարկը բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուց ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ, որ իր բողոքն ու դժգոհութիւնը արտայայտեց տարբեր յայտարարութիւններով:
Ահտի նախագահ Թամիմ Սլէյման յայտնեց, որ եթէ որդեգրուելիք այս առաջարկը կիրարկուի, լիբանանեան ֆութպոլը պէտք է նկատել «մահացած»:
Առաջարկին կիրարկումը կը նշանակէ, որ անկա պէտք չէ անուանել լիբանանեան ֆութպոլ, այլ «Վայսրոյ» բաժակի մրցաշարք` նկատի ունենալով, որ անիկա ամբողջութեամբ պարպուած կ՛ըլլայ իր իսկական էութենէն:
Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակակիր Ահտ, երբեք համաձայն չէ կիրարկուելիք այս նոր որոշումին, եւ կը կարծուի, որ 27 դեկտեմբերին անիկա դէմ պիտի քուէարկէ ֆետերասիոնին համագումարին ընթացքին:
Իրենց դժգոհութեան ձայնը բարձրացուցին նաեւ ֆութպոլիստներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ, որոնք կտրուկ կերպով մերժեցին այս փոփոխութիւնները:



