Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ երկրին կառավարութիւնը բոլոր ֆութպոլի ակումբներուն արտօնած է վերսկսիլ իրենց փորձերուն: Այս որոշումը ուժի մէջ մտաւ այսօր՝ երկուշաբթի, 4 մայիսէն սկսեալ:
Նշուեցաւ, որ սկզբնական շրջանին ֆութպոլիստները իրենց փորձերուն պիտի սկսին, բնականաբար իրենց միջեւ որոշ հեռաւորութիւնը պահելով եւ անշուշտ պզտիկ խումբերով եւ ոչ՝բոլորը միասնաբար:
Նախքան այս լուրին հրապարակումը կը կարծուէր, որ այս տարեշրջանը շատ հաւանաբար ժամանակէն շուտ աւարտել, եթէ պատահի, որ անիկա մինչեւ յառաջիկայ 14 յունիս չվերսկսի:
Եթէ պատահի, որ ախոյեանութիւնը վերսկսի, մրցումները բնականաբար պիտի կատարուին առանց համակիրներու: Նշենք,որ մրցումները դադրեցան՝ 13 մարտին: