«L’Equipe» յայտնեց ըսելով, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը կրնայ վերսկսիլ միայն յառաջիկայ օգոստոսին:
Ֆրանսայի իշխանութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժեն, որ «Քորոնա» ժահրի այս հանգրուանին ախոյեանութիւնը վերսկսի, նոյնիսկ եթէ յառաջիկայ 11 մայիսին երկրին մէջ վերցուին անվտանգութեան հետ կապուած սահմանափակումները:
Նշենք, որ վերջերս «Լիկ»-1-ին մէջ հանդէս եկող ակումբներուն մեծամասնութիւնը եկած էր այն եզրակացութեան, որ մինչեւ ստեղծուած իրավիճակը չկարգաւորուի, անոնք իրենց մասնակցութիւնը չեն կրնար բերել ախոյեանութեան: Անոնք անիկա կ՛ուզեն շարունակել՝ յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, կամ լաւագոյն դէպքին՝յունիսի երկրորդ կէսէն ետք:
Ներկայ դրութեամբ, ակումբները հսկայական գումարներու կորուստներ ունին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը դադրեցաւ՝ նախորդ 13 մարտին:



