Աշխարհի ճատրակի ախոյեան՝ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն յաղթեց իր կազմակերպած առցանց մրցաշարքին: Նմանօրինակ մրցաշարք մը պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով:
Աւարտականի մրցումին Քարլսըն, որ իրեն մրցակից ունէր ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրան, արձանագրեց՝ 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Շրջանաձեւ մրցակարգով տեղի ունեցած այս մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէր՝ 250 հազար ամերիկեան տոլար: Յաղթականը ստացաւ՝70 հազար ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցէին նաեւ վեց ուրիշ ճատրակ խաղացողներ ալ:



