«Reuters» կը յայտնէ ըսելով, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները արտօնած են, որ յառաջիկայ 15 մայիսին սկսիլ Պունտըսլիկա- ն:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, այդ մէկին արտօնութիւնը տուած է Գերմանիոյ վարչապետը՝ Անճելա Մերքել:
Նշենք, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր, ակումբները իրենց փորձերուն սկսած են, բայց բաւական զգուշաւոր ձեւով, մարզիկներուն միջեւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահելով եւ փոքր խմբակներով (ոչ բոլորը միասնաբար):
Ինչպէս ծանօթ է, որ մրցումները պիտի կատարուին առանց համակիրներու, իսկ իւրաքանչիւր ակումբէ դաշտ մուտք կրնան գործել 126 անձեր, որոնց կարգին ֆութպոլիստները: Իսկ լրագրողներուն պարագային արտօնուած պիտի ըլլայ միայն 30 ներկայացուցիչ: