Ֆրանսական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի «կրան-փրի»-ն չեղեալ համարուեցաւ, աշխարհի տարածքին գտնուող «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով:
Ֆրանսայի «կրան-փրի»-ն, տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 26-28 յունիսին:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկարաձգեց երկրին տարածքին գտնուող արտակարգ դրութիւնը:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին ցարդ ոչ մէկ «կրան-փրի» տեղի ունեցած է:



