Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործադիր կոմիտէին գումարած նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան վերսկսման գծով քննարկուեցան քանի մը տարբերակներ: Ընդհանուր յայտարարի գալէ ետք է որ միայն, ֆետերասիոնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ:
Գործադիր կոմիտէն, մօտիկ ապագային պիտի գումարէ այլ նիստ մըն ալ, որուն ընթացքին շատ հաւանաբար այլ յստակացումներ կատարէ եւ հրապարակէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը:
Ախոյեանութենէն բացի, պիտի յստականայ նաեւ բաժակի մրցաշարքը վերսկսելու ժամկէտին հարցը: Ֆետերասիոնը այս հարցով զբաղող անձնակազմին առաջարկեց, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, նշուած նախնական տարբերակները քննարկել: