Իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հրաժեշտ տալով իր ծննդավայրին՝ Մատէյրային, վերադարձաւ Իտալիա, այս գծով յայտնեց «Football Italia»-ն :
Շուրջ երկու շաբթուան ինքնամեկուսացումէն ետք, ան իր ակումբին հետ պիտի սկսի իր փորձերուն, որպէսզի երբ Քալչիոյի վերսկսման ազդանշանը տրուի ան պատրաստ ըլլայ իր կատարելիք մրցումներուն:
Նշենք, որ Իտալիոյ կառավարութեան որոշումով, այս շաբաթասկիզբին ակումբներուն արտօնութիւն տրուեցաւ վերսկսիլ իրենց փորձերուն:
Եթէ պատահի, որ ախոյեանութիւնը վերսկսի, մրցումները պիտի կատարուին առանց հանդիսատեսներու, բնականաբար՝ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար: