Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց Սլովաքիայէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:
Նշենք, որ զտումի այս մրցումները տեղի կ՛ունենան Պոսնիոյ մէջ:


