Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Լորիանը, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմին հինգ կոլերը նշանակեցին Նէյմար (12-րդ եւ 90-րդ), Քիլիան Էմպափէ (28-րդ եւ 67-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (73-րդ):
Այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով է, որ վերոնշեալ երեք ֆութպոլիստները մրցումի մը ընթացքին բոլորն ալ կը դառնան կոլի հեղինակ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն ունի 68 կէտ: Անկէ 12 կէտով ետ կը մնայ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ:


