«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, երբ Փորթուգալի մէջ պարտութեան մատնեց Պենֆիքան:
Ասիկա Լիվըրփուլ ակումբի պատմութեան մէջ եղաւ պատմական ցուցանիշ մը, որովհետեւ անիկա օտար դաշտերու վրայ արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Այս յաղթանակներու շարքը սկսած էր այս տարուան 20 յունուարին, Արսենալի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-0) ընթացքին, Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտականի մրցումին գծով:
Նշուեցաւ, որ այդ մրցումներուն կարգին նկատի չէ առնուած Չելսի-Լիվըրփուլ Անգլիոյ լիկայի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցած է չէզոք դաշտի վրայ` «Ուեմպլի»-ի մէջ:


