Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Մըթայլեպի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով, 94-54 արդիւնքով (կիսախաղ` 55-27, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ վերստին գրաւեց դասաւորման երրորդ դիրքը` արձանագրելով եօթը յաղթանակ եւ կրելով երկու պարտութիւն:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Մըթայլեպ մրցումով աւարտեցան երթի մրցումները:


