Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա նախորդ շաբաթավերջին կերտեց իր կազմին յաղթանակը, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն տուպլէ մը իրագործեց` Սելթա Վիկոյի դաշտին վայ արձանագրուած յաղթանակին (2-1):
Նշանակելով իր 216-րդ կոլը` 34 տարեկան Պենզեմա հաւասարեցաւ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի հաստատած մրցանիշին, անոր հետ բաժնելով երրորդ դիրքը, ակումբին լաւագոյն ռմբաձիգներուն դասաւորման մէջ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ակումբի նախկին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (312 կոլ), մինչ երկրորդ դիրքին վրայ է արքայական ակումբի երկրորդ դիրքի գլխաւոր մարզիչ Ռաուլ Կոնզալես (228 կոլ):
Նշենք, որ այս տարեշրջանին, բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին ցարդ 34 կոլ նշանակած Պենզեմա առաջին անգամ ըլլալով տարեշրջանի մը ընթացքին կ՛անցնի 34 կոլի սահմանը, ինչ որ անոր համար կը նկատուի անձնական մրցանիշ մը:
Ռէալի նման յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պարսելոնա, որ Փետրիի նշանակած կոլին շնորհիւ (72-րդ) 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սեւիլլային:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ բարձրացաւ երկրորդ դիրք, ունի 57 կէտ (29 մրցում), մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ` 69 կէտով:


