Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօման պիտի գլխաւորէ Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը` իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 յունուար 2023-ին` 2022-ի Մոնտիալին աւարտէն անմիջապէս ետք: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2026-ի ամառը:
Նշենք, որ Քէօման պիտի փոխարինէ Լուիս Վան Կաալը` նկատի ունենալով, որ վերջինս յայտարարեց, որ շագանակագեղձի քաղցկեղ ունի:
59 տարեկան Քէօման արդէն իսկ նախապէս գլխաւորած է Նետերլանտներու ազգային խումբը, 2018-էն 2020:


