Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի յառաջատար մարմնամարզիկներ` Արթուր Դաւթեան եւ Վահագն Դաւթեան հանդիսացան աշխարհի բաժակակիրներ:
Յենացատկի մրցումներուն, Արթուր Դաւթեան 90 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը, 10 կէտով գերազանցելով երկրորդ հանդիսացած ուքրանացի Նազար Չեփուրնին:
Իսկ օղակներու մրցումներուն, Վահագն Դաւթեան 85 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը 80 կէտով գրաւեց թուրք Իպրահիմ Չոլաք, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Աւետիսեան (53 կէտով):


