Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած հեծելարշաւի արաբական խաղերու վերջին օրուան մրցումներուն, Լիբանանի աղջկանց հաւաքականը ճամբու վրայ տեղի ունեցած մրցումին շահեցաւ աղջկանց պրոնզէ մետալը` Լիբանանի շահած մետալներու թիւը հասցնելով 5-ի:
Աղջկանց հաւաքականը կը կազմուէր Ռամոնա Խալիֆէ, Թամարա Զէյն եւ Քարոլ Պոյաճեան եռեակէն:
Այս ձեւով 19 տարիներու դադարէ ետք, Սուրիոյ հիւրընկալած հեծելարշաւի արաբական ախոյեանութեան մրցաշարքը (մայրաքաղաք Դամասկոսի եւ շրջակայքի Զարզար լիճի շրջան) հիւրընկալեց 15 արաբական երկիրներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Պահրէյն, Քուէյթ, Յորդանան, Իրաք, Պաղեստին, Եգիպտոս, Սուտան, Թունուզ, Մարոք, Լիպիա, Լիբանանի եւ Սուրիոյ կողքին:
Առաջին դիրքը գրաւեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, որոնք 25 մետալներ շահեցան (14 ոսկի, 8 արծաթ եւ 3 պրոնզ):
Տակաւին կը մնայ լեռնային մրցումը, որուն հետ կը փակուի ախոյեանութիւնը:


