Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ պատանիներու (17 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելէ ետք, Հայաստանի բռնցքամարտի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) հաւաքականը նոյն քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան:
Հայաստանի հաւաքականը կը մասնակցի 9 ներկայացուցիչներով` գլխաւորութեամբ մարզիչ Կարէն Աղամալեանի:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Մետիթերենիըն Սփորթց Սենթըր»-ի մարզահամալիրին մէջ:
Ստորեւ` 9 անդամներուն անունները.
ՏՂԱՔ
55 քկ – Հայկ Կարապետեան
60 քկ – Արթուր Աւետիսեան
65 քկ – Գոռ Յարութիւնեան
70 քկ – Արտեոմ Ստեփանեան
75 քկ – Ալեն Ստեփանեան
80 քկ – Սամուէլ Սերամարգեան
85 քկ – Միքայէլ Գիւլումեան
90 քկ – Վարդան Աւետիսեան
Աղջկանց մրցումներուն Հայաստան պիտի մասնակցի միայն մէկ ներկայացուցիչով` 48 քկ կշիռքի Համեստ Աֆրիկեանի հետ:


