Հայ ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան դարձաւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեան:
Ալպանիոյ Տուրրիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի 57 քկ կշիռի ներկայացուցիչ մարզիկը կրցաւ նուաճել երեք ոսկի մետալ` Արաշէի, էփոլէ-ժըթէի եւ երկամարտի արդիւնքներով:
Գրիգորեան 202 քկ երկամարտի արդիւնք ձեռք ձգեց (112 քկ + 90 քկ)` իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցէն 9 քկ առաւելութիւն ունենալով:
Արծաթ մետալ շահեցաւ ռումանացի Տանա Պերչի 193 քկ երկամարտի արդիւնքով (108+85), մինչ թուրք ներկայացուցիչ Մերվ Իլտեն 187 քկ արդիւնք ձեռք ձգեց (104+83)` շահելով պրոնզ մետալ:
Աւելի կանուխ, Սէյրան Խուդանեան (60 քկ կշիռ) նուաճած էր պրոնզէ մետալ երկամարտի արդիւնքով եւ փոքր պրոնզ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն, մինչ Դաւիթ Առաքելեան (65 քկ) 20 տարեկանէն վար մրցումներուն էփոլէ-ժըթէի արծաթ մետալը շահած էր:
Մինչեւ 20 եւ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 20 հոկտեմբեր:


