Սպանիոյ Լա լիկայի 8-րդ հանգրուանին, Ռէալ Սոսիետատ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տեփորթիւօ Քորունան:
29-րդ վայրկեանին յետսապահ Ժոն Մարթին նշանակեց Սոսիետատի առաջին կոլը: 5 վայրկեան ետք Արսէն Զախարեան, որ այս տարեշրջանին առաջին անգամն ըլլալով մաս կը կազմէր հիմնական կազմին, հեռուէն ուժգին հարուածով նշանակեց Սոսիետատի 2-րդ կոլը: Զախարեան Լա լիկայի նախկին տարեշրջանին կոլ մը նշանակած էր անցեալ փետրուարին:
Բ. կիսախաղին, Զախարեան (56-րդ վայրկեանին) փոխարինուեցաւ` իր տեղը լքելով Սպանիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Միքել Օյարասպալի, մանաւանդ երբ Կոնսալօ Կետեշ նշանակեց Սոսիետատի 3-րդ կոլը:
Սակայն 61-րդ վայրկեանին Սորիանօ նշանակեց կոլ մը` ի նպաստ Տեփորթիւոյի: Փապլօ Մարին կարմիր քարտ ստացաւ 5 վայրկեան ետք, եւ փենալթին կոլի վերածեց Երեմայ Հեռնանտէս:
Տեփորթիւօ շարունակեց ճնշել, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ Լորենցօ Ամաթուչի կարմիր քարտ մը ստացաւ 90-րդ վայրկեանին` զոյգ խումբերը աւարտելով 10 մարզիկներով:
Այս մրցումէն ետք Սոսիետատ գրաւեց 6-րդ դիրքը մինչ Տեփորթիւօ գրաւեց 8-րդ դիրքը:


