Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըմբշամարտ. Արամայիս Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

October 16, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քկ) շատ հետաքրքրական յաղթանակ արձանագրեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Մազայիմ Մարտանովի դէմ, Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 23 տարեկաններու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան:

Մենամարտը վերջ գտաւ 5-5 արդիւնքով, բայց յաղթանակը շնորհուեցաւ Յարութիւնեանին, որ վերջին կէտը շահեցաւ: Մրցումի ընթացքին հայ ըմբիշը կը պարտուէր 5-0 արդիւնքով, բայց Յարութիւնեան ինքզինք գտաւ եւ տպաւորիչ վերադարձով 5 յաջորդական կէտեր շահեցաւ ու խլեց յաղթանակը:

Այս յաղթանակին շնորհիւ ան իրաւունք ստացաւ մրցելու պրոնզէ մետալի մրցումին, բայց Ղազախստանի ներկայացուցիչ Ժոխար Ուզարովէն ան պարտուեցաւ 5-1 արդիւնքով:

77 քկ կշիռի մրցումներուն ալ Սամուէլ Տէրտէրեան 1-1 արդիւնքով աւարտեց վրացի Անրի Փութքարածէի դէմ մրցումը, բայց յաղթանակը շնորհուեցաւ մրցակիցին` առաջին կէտը շահելուն պատճառով:

Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցաշարքի ընթացքին Հայաստանի հաւաքականը 2 արծաթ մետալներով աւարտեց իր ելոյթները. 72 քկ կշիռի ըմբիշ Գասպար Տէրտէրեան եւ 82 քկ կշիռի ըմբիշ Մարտիկ Պետրոսեան կրցած էին աւարտական հասնիլ:

Նախորդը

Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.